2014-07-31 09:50:52

Նախագահ Սարգսեան ըդնունեց Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ` Հերպըրթ Զալպերը։


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց շրջանային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Հերպըրթ Զալպերը:
Ըստ նախագահի մամլոյ գրասենեակին, հանդիպումին ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը եւ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչը անդրադարձան Հայաստան-Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին շրջանային խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթին վերաբերեալ: Հանրապետութեան նախագահը բարձր գնահատեց, որ Եւրոպական Միութիւնը տարբեր մակարդակներով իր աջակցութիւնը կը յայտնէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ տագնապի խաղաղ եւ միջազգային սկզբունքներու հիման վրայ լուծման:
Սերժ Սարգսեան վերահաստատեց Հայաստանի դիրքորոշումը, ըստ որուն, Հայաստան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ լուծումը կը տեսնէ բացառապէս խաղաղ միջոցներով, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահողներու ձեւաչափով ընթացող բանակցութիւններուն շրջագիծին մէջ: Մինսքի խմբակը առաջարկեց սկզբունքներ, որոնք, Սերժ Սարգսեանի համոզումով, կրնան տագնապի լուծման առանցք դառնալ: Նախագահը նշեց, որ, ցաւօք, Ազրպէյճան չ՛ընդունիր այդ սկզբունքները, թէեւ կը յայտարարէ հակառակը: Նախագահ Սերժ Սարգսեանի համաձայն, այդ իսկ պատճառով Ազրպէյճանը սադրանքներ կը հրահրէ եւ կը սրէ լարուածութիւնը շփման գիծին վրայ, մշտապէս մերժելով վստահութեան ամրապնդման ուղղուած միջոցառումներուն իրականացումը:
Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց, որ հարցին լուծումը պէտք է տան Հայաստանը, Ազրպէյճանը եւ Լեռնային Ղարաբաղը, Մինսքի խմբակը այդ հոլովոյթին մէջ ընդամէնը միջնորդ է, որ իր լիազօրութիւններուն ծիրին մէջ կ՛ընէ կարելին:








All the contents on this site are copyrighted ©.